Medz Hayrigin Nvere - Մեծ Հայրիկին Նուէրը
Medz Hayrigin Nvere - Մեծ Հայրիկին Նուէրը
Այս տարի Կարինէն քիչ մը տխուր եւ մտահոգ էր: Գարնան ան կորսնցուցած էր իր շատ սիրելի մեծ հայրիկը: Ան վստահ չէր, սակայն կը զգար, որ իր մեծ հայրիկը գաղտնի կապեր ունէր Կաղանդ պապուկին հետ, որ ամէն Կաղանդի գաղտագողի կ'այցելէր իրենց տունը եւ հեռատեսիլին տակ կը շարէր նուէրներ: Կարինէն այս տարի մտահոգ էր, որ առանց մեծ հայրիկի ցուցմունքներուն Կաղանդ պապուկը շուարի, մոռնայ կամ չայցելէ իր տունը:
This year, Garine was a little worried. She had lost her dear grandpa in the spring. She wasn't exactly sure, but she felt that her grandpa had a special connection with Santa who secretly used to visit them every year and placed gifts under the television. Garine was worried that without her grandpa's presence, Santa would get lost, forget, or simply not visit her.
Հեղինակ՝ Վերա Սիսեռեան / Author: Vera Siserian